ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներուն ընթացքը, կատարուած աշխատանքներն ու ընելիքները:
Ներկայացնելով մարզի ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ տնտեսական ցուցանիշները` Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան նշած է, որ մարզին համախառն արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը 2016 թուականի ընթացքին կազմած է շուրջ 39,459 միլիառ դրամ, որ հանրապետութեան մէջ արտադրուած արդիւնաբերական արտադրանքի 2,8 առ հարիւրն է: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճը եղած է 53,4 առ հարիւր:
Մարզպետը անդրադարձած է գիւղատնտեսական արտադրանքի ծաւալին, 2017-ին պետական պիւտճէի, բարեգործական կազմակերպութիւններու եւ հիմնադրամներու միջոցներով իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն, մարզի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն եւ բժշկական կեդրոններու ծառայութիւններուն:
Խօսելով զեկուցումին մէջ ներկայացուած ցուցանիշներուն մասին` վարչապետ Կարէն Կարապետեանը ըսած է. «Մեր երկրին մէջ գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլը պէտք է գրաւիչ դառնայ: Վստահ եմ, որ այս ծրագիրներով մեր գիւղացիին կարելիութիւն կու տանք արժանավայել աշխատանքով պահելու իր տունը: Գիւղատնտեսութեան զարգացումը մեզի համար գերխնդիր է»: