ԿԱՐԷՆ ՎՐԹԱՆԷՍԵԱՆ. «ԿՐԿԻՆ ՊԷՏՔ Է ՍԿՍԻԼ «ԴԺՈՒԱՐ ՓՈԽԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ» ՆՈՐ ՓՈՒԼ, ՈՐՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՐԵՒԷ ԵՐԱՇԽԻՔ ՊԻՏԻ ՉՏՐՈՒԻ» 

Ռազմական փորձագէտ Կարէն Վրթանէսեան նոյնպէս անդրադարձած է «Բարդ փոխզիջումներու» անհրաժեշտութեան մասին ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակի յայտարարութեանը.

«ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Միլլէրը՝ հայ-ատրպէյճանական ենթադրեալ պայմանագիրի մասին, Յուլիսի 15-ին ըսած էր. «Մենք, իսկապէս, կը կարծենք, որ համաձայնութիւնը կարեւոր է, բայց ատիկա երկու կողմերէն կը պահանջէ կատարել որոշ բարդ ընտրութիւններ եւ դժուար փոխզիջումներ»:

«Դիւանագէտներէն» թարգմանելով՝ ասիկա կը նշանակէ, որ մինչ այս եղած բոլոր միակողմանի զիջումները բան չեն նշանակեր, ու կրկին պէտք է սկսիլ «բարդ ընտրութիւններու եւ դժուար փոխզիջումներու» նոր փուլ, որով խաղաղութեան որեւէ երաշխիք պիտի չտրուի: Բնականաբար «փոխզիջում» կոչածն ալ միայն Հայաստանի մասին է։

Ամէն անգամ՝ «GPS-ով սահման գծելով» սկսած, Կիրանցի ճանապարհը յանձնելով աւարտած, «յանկարծ» կը պարզուի, որ նախորդ բոլոր զիջումները ոչ մէկ իմաստ ունեցած են, պէտք է «նորէն» սկսիլ։ Ու ամէն անգամ այնպէս՝ ինչպէս առաջին անգամ…»,_ ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է Վրթանէսեան։