Կը նախատեսուի Ջաւախքի մէջ եւս բանալ «Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոն: Ծրագրի իրագործման համար այժմ առաջնահերթ խնդիրը կեդրոնի համար համապատասխան շէնքի ընտրութիւնն է: Այս մասին Նոյեմբեր 16-ին յայտարարած է «Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի առաջին հաշուետու նիստի ժամանակ:
«Կեդրոնի ստեղծման համար մեր նախատեսած երկու շէնքը փլատակ վիճակի մէջ են, եւ մեծ աշխատանք կը պահանջուի զանոնք բարեկարգելու համար: Մօտաւորապէս երկու տարի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ վերանորոգման, անհրաժեշտ կահոյքով, համակարգիչներով եւ այլ տեխնիկական պարագաներով ապահովելու համար»,- մանրամասնած է Փափազեան:
Կեդրոնը պիտի ըլլայ Ախալքալաք քաղաքին մէջ: Պիտի ընտրուի այնպիսի տարածք, որ յետագային ընդլայնելու հնարաւորութիւն ունենայ, եթէ կեդրոնին մէջ սորվիլ ցանկացողներու թիւը նախատեսուած 900-ը գերազանցէ:
Աշակերտները պիտի յաճախեն տարբեր հերթափոխներով, որովհետեւ բոլորին միաժամանակ ընդունիլ հնարաւոր չէ: Փափազեանի խօսքերով, պիտի ստեղծուին բոլոր հնարաւոր պայմանները, որպէսզի կեդրոնը հասանելի ըլլայ ոչ միայն Ախալքալաքի, այլեւ շրջանի գիւղերու երեխաներուն համար: Անոնց պիտի ապահովեն երթեւեկութեան միջոցներով եւ այլ յարմարութիւններով: Կեդրոնին մէջ կրնան ուսանիլ 12-18 տարեկան բոլոր ցանկացողները ` առանց բացառութեան:
«Մեր առաքելութիւնն է պատրաստել անհատներ, որոնք պիտի ըլլան մրցունակ, ինքնավստահ եւ օգնել անոնց բացայայտելու իրենց ստեղծագործական ներուժը: Առաջին երկու ամիսը կարելի է համարել ընդհանուր ունակութիւններու զարգացման շրջան, երբ նորեկը կը ծանօթանայ միջավայրին ու ուսուցման պայմաններուն, կը ստանայ ընդհանրական գիտելիքներ: Յետոյ, կողմնորոշուելով իր նախընտրութիւններու հարցով, կ՛ընտրէ յստակ ուղղուածութիւն եւ կը խորացնէ հմտութիւնները այդ բնագաւառին մէջ», – ըսած է կեդրոնի գլխաւոր տնօրէնը:
«Թումօ» կեդրոնը անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, ուր 12-18 տարեկան պատանիները կ՛ուսանին սեփական յանձնառութեամբ: Առաջին Թումօն ստեղծուած է Երեւանի մէջ` Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ` Սիմոնեան կրթական հիմնադրամի կողմէ եւ իր դռները բացած է աշակերտներու առջեւ 2011-ի Օգոստոս 14-ին: Կեդրոնական դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագրի շնորհիւ 2013-ի Փետրուարէն Թումօն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ (մօտ 300 ուսանող ունի): Թումօ-ՀԲԸՄ գործակցութեամբ 2015-ի Մայիսին նաեւ բացուեցաւ Գիւմրիի Թումօ կեդրոնը: 2015-ի Սեպտեմբեր 2-ին Թումօ կեդրոն բացուեցաւ ԼՂՀ մայրաքաղաքին մէջ:
Գործակցութիւնը միտում ունի տարածել Թումօն Հայաստանի այլ քաղաքներով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 20-ին Լոռիի մարզպետին եւ մարզպետարանի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ժամանակ յայտնած է, որ«Թումօ» ստեղծարար տեխնոլոգիաներու կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Վանաձորի մէջ: