Կիպրոսի նախագահ՝ Նիկոս Խրիստոդուլիդէսը Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ունեցած ելոյթին անդրադարձած է Ատրպէյճանի ռազմական թշնամական հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք ականատես եղանք եւս մէկ մարդկային ճգնաժամի, որ կ’առնչուի տասնեակ հազարաւոր մարդկանց։ Այդ սուր մարդկային ճգնաժամը պատճառ դարձաւ տարածաշրջանէն հայ բնակչութեան զանգուածային տեղահանութեան եւ արտագաղթի։ Մենք պէտք է ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի էթնիկ հայերու երկարաժամկէտ խնդիրները հասցէագրելու համար։ Միեւնոյն ժամանակ, անցած Սեպտեմբերի իրադարձութիւններու հետեւանքով Հայաստանի աճող եւ հրատապ կարիքները պէտք է պատշաճ եւ համարժէք լուծում ստանան»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Կիպրոսի նախագահը։
Ան յայտարարած է, որ Կիպրոսը կ’աջակցի ԵՄ-ի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խաղաղ գործընթացին, որ անկասկած, կը նպաստէ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան ու զարգացման։
«Նման գործընթացը դիւրացնելու եւ խրախուսելու ցանկացած խթան պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած եւ մանրակրկիտ ծրագրուի ու իրականացուի»,- ըսած է ան: