Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի աշխատակիցները Օգոստոսին այցելած են Ատրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայերուն, անոնց հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատելու ընտանիքի անդամներու հետ. այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու պատասխանատու Զառա Ամատունին:
«Տեսակցութեան ծիրին մէջ գնահատուած են պահպանման պայմանները, առողջական վիճակը, անոնց հանդէպ վերաբերմունքը», – ըսած է Ամատունին։
Յիշենք, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ Սեպտեմբեր 19-ին ռազմական յարձակման հետեւանքով 16 անձ գերեվարուած է։ Գերեվարուածներու շարքին են նաեւ արցախցի 8 պաշտօնեաները՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, ՊԲ հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը:
Պաքուն անոնց ծանր մեղադրանքներ առաջադրած է։
Յուլիս եւ Յունիս ամիսներուն եւս ԿԽՄԿ աշխատակիցները տեսակցած էին Ատրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող հայերուն: