Շաբաթ՝ 9 Յունուար 2016-ին` ժամը 21:30-ի մօտ, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 1996-ին ծնած Արամայիս Եուրիկ Ոսկանեանը, կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Ֆէսյպուքի իր էջին մէջ գրած է. «Հակառակորդը կրկին սրում է որոշակի կայունացման միտումներ ունեցող իրավիճակը, օգտագործելով դիպուկահար կրակ: ԼՂՀ-ում զոհ ունենք, ցաւակցում ու զօրակցում ենք Արամայիս Եուրիկի Ոսկանեանի ընտանիքին ու հարազատներին: Հայկական ԶՈՒ-երը ոչինչ անպատասխան չեն թողնի ու կրկին անգամ «զինուած դիմակայութեանէ աստիճանի բարձրացման եւ յետագայ գործողութիւնների ողջ պատասխանատուութիւնը ընկնելու է ադրբեջանական կողմի վրայ»:
Աւարտին յիշենք, որ նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի շարքային Արամայիս Ոսկանեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: