ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

11-էն 13 Յունիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողովը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքէն յետոյ ժողովը վարելու հրաւիրուեցան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը:

Հայրենիքի առջեւ ծառացած արտաքին սպառնալիքներու եւ ներքաղաքական զարգացումներու մասին զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը:

Քննարկումի ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը խոր մտահոգութեամբ անդրադարձ կատարեց ներքաղաքական խնդիրներուն, անվտանգային մարտահրաւէրներուն եւ 12 Յունիսին Երեւանի մէջ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ ոստիկաններուն կողմէն անհամաչափ ուժի գործադրման միջադէպին: Այս առնչութեամբ ԳՀԽ հանդէս եկաւ առանձին յայտարարութեամբ:

Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքի եւ վերաօծման, ինչպէս նաեւ Միւռոն օրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպական աշխատանքներու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկան Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Գոհունակութեամբ արձանագրուեցաւ, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութիւնը աւարտական փուլի մէջ է: Տեղեկացուեցաւ 27-29 Սեպտեմբերին նախատեսուող Մայր Տաճարի վերաօծման, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւններու եւ յարակից միջոցառումներու նախապատրաստման փուլի մէջ իրականացուած շինարարական, հրատարակչական, ծիսաարարողակարգային աշխատանքներու ընթացքին մասին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ վերոյիշեալ արարողութիւններուն հրաւիրուած են մասնակցելու միջեկեղեցական պատուիրակութիւններ, մեծանուն, վաստակաշատ ազգայիններ:

Ժողովականները, ողջունելով կատարուած աշխատանքները, կարեւորեցին պատշաճ կազմակերպումը նախանշուած արարողութիւններու, որոնք նոր յոյս եւ մխիթարութիւն պիտի պարգեւեն համայն հաւատաւոր մեր ժողովուրդին:

Ժողովի ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան եկեղեցավարչական, թեմերու գործունէութիւնը, կանոնական, իրաւական, կրթադաստիարակչական ոլորտներուն առնչուող տարաբնոյթ այլ հարցեր: Որոշուեցաւ 2025 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ գումարել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով: