Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յունիս 15-ի դրութեամբ, ընդհանուր առմամբ արտահանուած է 67,294 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 33,819 թոնին դիմաց: Արտահանուած է 14,752 թոն ծիրան` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 26 թոնի դիմաց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը մասնաւորապէս արտահանուած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ շուրջ 64,178 թոն, մնացեալը՝ Վրաստան, Պելառուսիա, Ղազախստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրաք, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Պելճիքա եւ Ռումանիա: