Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Էդուարդ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ, Օգոստոս 25-30 երկարող ժամանակահատուածին, Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցի «Էմիլիա Ռոմակնա» դասական երաժշտութեան փառատօնին: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։
Համերգները տեղի պիտի ունենան իտալական 4 քաղաքներու մէջ: Համերգային ծրագիրով ընդգրկուած են Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները: Հայաստանի պետական նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գան ջութակահարուհի Անոյշ Նիկողոսեանը, տաւիղահարուհի Եանա Պուժգովան՝ Չեխիայէն եւ ֆլիւթահար Մասիմօ Մերչելլին՝ Իտալիայէն:
Հիւրախաղերու աւարտէն ետք, Օգոստոսի վերջը, ՀՖՆ-ը հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ, Արամ Խաչատրեան համերգասարհէն ներս, երկու օփերաներու համերգային կատարումով: Պիտի հնչեն Փուչինիի «Թիկնոցը» եւ Լէոնգաւալոյի «Պայացները»:
Իսկ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի առաջին համերգը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 12-ին՝ Երեւանեան 12-րդ միջազգային փառատօնին բացման ժամանակ: Այդ օրը, հայ երաժշտասէրները կրնան ունկնդրել մեր լաւագոյն երաժիշտներէն ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը, որ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ։