ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԱՔՈՒԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. «ԲՈԼՈՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍՑԷԱԳՐՈՒԻՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը անդրադարձած է երեսունչորս տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերուն եւ յայտնած, որ ջարդերը դարձած են Ատրպէյճանի Խորհրդային Հանրապետութենէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան գագաթնակէտը:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տեղադրած է «Էքս» հարթակին վրայ եւ աւելցուցած, որ ջարդերու պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուած, անդամահատուած եւ անհետացած են, կէս միլիոն մարդ գաղթական դարձած է:
«Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անմեղ զոհերու յիշատակին եւ կը շեշտենք նման քաղաքականութեան կանխարգիլման հրամայականը եւ բոլոր իրաւունքներու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը», կը յիշուի յայտարարութեան բնագիրին մէջ: