10-12 Մայիսին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները:
Նախարարները ողջունած են սահմանազատման հարցին մէջ յառաջընթացը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: Նախարարները եւ անոնց պատուիրակութիւնները շարունակած են «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմանի համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ քննարկումները: Կողմերը համաձայնած են շարունակել բանակցութիւնները բաց հարցերու շուրջ, ուր տակաւին կան տարակարծութիւններ:
Այցելութեան ընթացքին նախարարները առանձին եւ երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպած են Ղազախստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մուրաթ Նուրթլէուի հետ:
Նախարար Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ղազախական կողմին` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար: