Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը համատեղ յայտարարութիւն տարածած են։
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն, յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ տարածաշրջանի մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքմանը հասնելու իրենց մտադրութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու պետութիւններու միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու մասին:
Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնն ազատ կ’արձակէ 32 հայ զինծառայողներու:
Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ որպէս բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ’արձակէ 2 ատրպէյճանցի զինծառայողներու:
Որպէս բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համագումարի Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը («COP29») հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ’աջակցին հիւրընկալելու նպատակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած յայտին: Որպէս բարի կամքի քայլ` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «COP»-ի գրասենեակին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումներու իրականացման վերաբերեալ՝ մօտ ապագային կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ կ’ընեն միջազգային հանրութեան`աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւններու միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն կ’ունենան Հարաւային Կովկասի ողջ տարածաշրջանի համար»: