Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փորձագիտական խումբերը սկսած են համակարգումներու ճշդումի գործընթացը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի 8-րդ հանդիպումին հետեւանքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ 23 Ապրիլ 2024-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին երկիրներու փորձագիտական խումբերը սկսած են դասաւորումներու ճշդումի գործընթացը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: