Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 12 Նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի Նախարարութեէն ներս հայաստանեան գործընկերներուն հետ քննարկած է Հայաստան-Արցախ մշակութային համագործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:
«Մշակոյթի շարք մը ոլորտներու կողքին, Արցախի մէջ կը փորձենք նոր քաղաքականութիւն մշակել, յատկապէս գրադարաններու ու թանգարաններու ուղղութեամբ: 2019-ին շահագործումի կը յանձնուի Արցախի պատմաերկրագիտական թանգարանի նոր շէնքը: Այժմ քայլեր կ’իրականացուին Շուշիի պատմութեան թանգարանը աւելի բարւոք տարածք տեղափոխելու ուղղութեամբ: Ընդհանրապէս, Շուշին աստիճանաբար կը վերածուի թանգարանային քաղաքի: Այստեղ կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան Դրամի թանգարանը, Գորգերու մասնաւոր հաւաքածուներու թանգարանը: Ի դէպ, Շուշի կը գտնուի նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը»,Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Լիլիթ Մակունցի ու նախարարի տեղակալ Տիգրան Գալստեանի հետ հանդիպումին ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի մէջ մշակոյթի առջեւ ծառացած բարդ հարցերը յուշարձաններու պահպանութեան ոլորտին կը վերաբերին. յուշարձանները շատ են, միջոցները՝ սուղ: Օժանդակութեան կարիք ունի Ստեփանակերտի թատրոնը:
Հայաստանեան գործընկերներէն Արցախի մէջ կ’ակնկալեն աշխոյժ համագործակցութիւն՝ յատկապէս յուշարձաններու վերականգնման, մասնագէտներու վերապատրաստման, գրահրատարակչութեան եւ մշակութային կրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Թատրոնի շէնքի վերանորոգման համար Լիլիթ Մակունց առաջարկեց միատեղ նախաձեռնութիւն իրականացնել. դրամահաւաք կամ մշակութային ձեռնարկ, որուն ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի Արցախի թատրոնին: Ինչ կը վերաբերի մասնագէտներու վերապատրաստման, ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարը առաջարկեց՝ օգտուիլ Հայաստանի մէջ բացուած հայ-իտալական տարածաշրջանային վերականգնողական կեդրոնի ընձեռած առիթներէն: Գրահրատարակչութեան ոլորտէն ներս նոյնպէս Հայաստանի մէջ պատրաստակամ են օգնելու արցախեան գործընկերներուն:
«Մշակութային շփումները պէտք է աշխուժացնել զանազան ձեռնարկներով: Ունինք շրջիկ թատրոններ, որոնց միջոցով կրնանք ցուցադրութիւններ կազմակերպել ինչպէս Արցախի տարբեր շրջաններու, այնպէս ալ զօրամասերուն մէջ: Հայաստանի մէջ շուտով կը մեկնարկէ «Քու արւեստը դպրոցին մէջ» ծրագիրը: Հետաքրքրութեան պարագային՝ այս կամ այն ձեւաչափով, ծրագիրը կարելի է տեղափոխել նաեւ Արցախ», ըսաւ Լիլիթ Մակունց: Իսկ Լեռնիկ Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ արդէն հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ վերջերս ներդրուած Դպրոցական բաժանմունքի համակարգով:
Ձեռք բերուեցան շարք մը համաձայնութիւններ, որոնք հետեւողականօրէն կ’իրականացուին։