Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կը դիւրանայ  փոխադարձ առեւտուրը եւ մաքսային հսկողութիւնը

Հայաստանը եւ Իրանը կը դիւրացնեն փոխադարձ առեւտուրը եւ մաքսային հսկողութիւնը:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ Ազգային ժողովը քննարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ Մեղրի-Նորտուզ սահմանային դարպասի համատեղ օգտագործման մասին համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին ՀՀ օրէնքին նախագիծը: ՀՀ կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Վախթանգ Միրումեան յիշեցուցած է, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է 2016 Դեկտեմբեր 21-ին, որուն հիմնական նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ առեւտուրի դիւրացումն է եւ մաքսային հսկողութեան պարզեցումը:

«Համատեղ դարպասի մեկնարկը եւ շահագործումը կը նշանակէ կրկնակի հսկողութեան եւ կրկնակի ընթացակարգերու վերացում: Համաձայնագիրին երկրորդ յօդուածը շատ յստակ կը նախատեսէ, թէ որոնք են այն գործողութիւնները, որոնցմով կը պարզեցուի ապրանքներու փոխադրամիջոցային տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ուղեւորափոխադրումները»,- ընդգծած է Միրումեանը:

ՊԵԿ փոխնախագահը պարզաբանած է, որ ելքի երկրին մէջ յայտարարագրուած մաքսային յայտարարագիրին տուեալները հիմք պիտի հանդիսանան մուտքի երկրին մէջ ապրանքներու եւ փոխադրամիջոցներու յայտարարագրման համար: «Այստեղ մենք կը խուսափինք մաքսային արժէքի որոշման ընթացակարգերէն, համապատասխան հսկողութիւնը կը վերապահուի յայտարարագիրի առումով մուտքի երկրին, իսկ ատիկա պիտի իրականացուի ելեկտրոնային եղանակով: Մաքսային հսկողութիւնը եւս կ՝իրականացնէ մուտքի երկիրը: Համաձայնագիրով նաեւ հնարաւորութիւն կայ, որ ելքի երկիրը իրականացնէ մաքսային հսկողութիւն, սակայն միայն այն պարագաներուն, երբ կայ անմիջական տեղեկատւութիւն մաքսային զննում իրականացնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ»,- մանրամասնած է Վախթանգ Միրումեան: