Հինգշաբթի՝ 6 Յունիս 2024-ին, տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Հնդկաստանի վարչապետ Նարենդրա Մոդիի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն, ՀՀ վարչապետը շնորհաւորած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն Նարենդրա Մոդիի գլխաւորած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքի յաղթանակի առիթով:
Ըստ աղբիւրի՝ զրուցակիցները կարեւորած են 2019 թուականին Նիւ Եորքի մէջ իրենց ունեցած երկկողմ հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ համագործակցութեան տեսանելի ընդլայնումը: Նիկոլ Փաշինեան եւ Նարենդրա Մոդին ընդգծած են նաեւ երկու երկրներու միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը:
Նշուած է, որ Հնդկաստանի վարչապետը զօրակցութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Լոռու եւ Տավուշի մարզերուն տեղի ունեցած հեղեղումներու կապակցութեամբ: