ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶՈՒ ՌԱՏԱՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻ ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ԴԻՐՔԵՐԸ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Լրագրող Նազենիկ Սարոյեան կը հաղորդէ, որ Հայկական բանակը համալրուած է ռուսական արտադրութեան «Աիստեոնոկ» կայաններով, որոնք հակառակորդի կրակած ականի յետագիծը կը վերլուծեն եւ կը յայտնաբերեն հակառակորդի ականանետներու դիրքերը: Այնուհետեւ այդ տուեալները կը փոխանցուին հայկական ստորաբաժանումներուն եւ կ՛ուղղորդեն անոնց կրակը:

Այս սարքը ցուցադրուած է ArmHiTec-2018 միջազգային ցուցահանդէսին:

«Աիստեոնոկ» համակարգը նախատեսուած է արկի, ականի թռիչքի յետագիծով հակառակորդի ականանետերու կրակային դիրքերը յայտնաբերելու, իւրային ականանետային ստորաբաժանումներու կրակը սպասարկելու, ինչպէս նաեւ մինչեւ 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ վերգետնեայ շարժող նշանակակէտերը յայտանաբերելու եւ մեր փողային հրետանիի կրակը ճշգրտելու համար: