ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԱՌԱՋԱՐԿԱԾ ԵՆՔ ԵՒ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԵՆՔ ՕՐ ԱՌԱՋ ՍԿՍԻԼ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ»

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ` Անի Պատալեան արձագանգած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակի յայտարարութեան, որով Հայաստանը մեղադրած էր 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքին մէջ՝ տարածաշրջանի յարաբերութիւններու ապաշրջափակման համար։

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակը Պաքուէն հնչած յայտարարութեան արձագանգած է է «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Հարց – Տիկի՛ն Պատալեան, Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակը, մեկնաբանելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» համաժողովին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած դիտարկումները 9 Նոհեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան մէկ շարք դրոյթների մասին, անոնք անուանած է իրականութիւնը աղաւաղող եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեղադրած է ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունքին համար: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակին ըսածները:
Պատասխան – Մենք պէտք է նայինք փաստերուն: 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ըլլան ռուս խաղաղապահներ, ինչպէս նաեւ 5 քմ լայնութեամբ Լաչինի միջանցք՝ Ռուսիոյ խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, բայց ոչ Լաչինի միջանցքը կայ, ոչ Ռուսիոյ խաղաղապահները:9 Նոյեմբերիի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած է, որ ներքին տեղահանուած անձեր եւ փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան տակ, բայց Ատրպէյճանը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածք չկայ, Լեռնային Ղարաբաղ չկայ, որ, ըստ էութեան, կը նշանակէ եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած այս պարտաւորութեան կատարումէն հրաժարում: Ոչ մէկ հայ փախստական կամ ներքին տեղահանուած մինչեւ օրս չէ վերադարձած ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղի տարածք, ո՛չ յարակից շրջաններ:
9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու փոխանակում. մինչև այսօր ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուած են հայեր, 2020թ. Նոյեմբերին կամ Հոկտեմբերին գերեվարուած: Ատրպէյճան կ’ըսէ, որ անոնք ռազմագերի չեն: Եթէ ռազմագերի չեն, ուրեմն պատանդ են կամ այլ պահուող անձ. եռակողմ յայտարարութեան ձեւակերպումը կը վերաբերի անազատութեան մէջ գտնուող որեւէ անձի:
Ատրպէյճան անընդհատ կը բարձրացնէ նաեւ անյայտ կորած անձերու հարցը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնպէս այս հարցը կը բարձրացնէ, որովհետեւ երկու պատերազմներու հետեւանքով շուրջ հազար անյայտ կորսուած անձ ունի խխա0հայկական կողմը, եւ մենք պատրաստ ենք այս հարցով նոյնպէս համագործակցիլ:
Ի՞նչ կը վերաբերի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին, անով կը նախատեսուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր տարածքին մէջ կը կազմակերպէ բեռներու, երթեւեկային միջոցներու եւ մարդոց անցումը եւ կ’երաշխաւորէ անոնց անվտանգութիւնը:

Սա շատ պարզ ձեւով գրուած է յայտարարութեան մէջ: Հասկնալի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ատիկա պէտք է ընէ իր իրաւազօրութեան և ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմիններուն, եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտով անոնց ֆիզիքական ներկայութիւնը նախատեսուած չէ:
ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը ճշգրիտ կ’արտայայտէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ճանապարհային քարտէզը, ուր մենք առաջարկներ փոխանցած ենք ատրպէյճանական կողմին: Շահագրգռուած ըլլալով տարածաշրջանի բոլոր երթեւեկային եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումով, որ եւ իրականութեան մէջ նախատեսուած է եռակողմ յայտարարութեամբ՝ մենք Ատրպէյճանին առաջարկած ենք եւ կ’առաջարկենք օր առաջ սկսիլ ապաշրջափակման իրագործման գործընթացը: