Հայաստանի ՀՆԱ-ի աճը 2017-ի առաջին եռամսեակին կազմած է 6.5 տոկոս

 Հայաստանի ՀՆԱ-­ի (Համախառն ներքին արդիւնք) աճը ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին կազմած է 6.5 տոկոս: Յունիս 16­-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:

«Ես կը կարծեմ, որ սա բաւական լաւ ցուցանիշ է` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այս տարուան համար մենք թիրախ ընտրած ենք 3.2 տոկոս ՀՆԱ-­ի աճ եւ բազմիցս կրկնած ենք, որ 3.2 տոկոսը այն նուազագոյն շեմն է, որուն պիտի ձգտինք հասնելու»,­- «Արմենփրես»-­ի հաղորդմամբ` նշած նախարարը:

ՀՆԱ-­ի աճին հիմնականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ առեւտուրի ճիւղերը: «2017-ի Յունուար-Ա­պրիլին Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 5.7 տոկոս: Տնտեսական աշխուժութեան եւս հիմնականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու ճիւղերը: Յառաջիկայ ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշներու էական նուազում մենք չենք ակնկալեր»,-­ յայտնած է նախարարը:

Արտահանումը կը շարունակէ աճ արձանագրել ներմուծման նկատմամբ: Վարդան Արամեանի խօսքով` հինգ ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է 16 տոկոսէն քիչ մը աւելի արտահանման ցուցանիշ, իսկ ներմուծման ցուցանիշը կազմած է 14 տոկոսէն քիչ մը աւելի: Սա կը նշանակէ, որ արտահանման ցուցանիշը կը շարունակէ աւելի արագ աճիլ, քան ներմուծման ցուցանիշը։