Հայաստանի մէջ աշխատուժի պահանջարկը բարձրացած է

Աշխատուժի պահանջարկը 2017 Մայիս, Յունիս, Յուլիս ամիսներուն աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակի համեմատ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը վկայեն ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալները:

2017 Մայիսին աշխատուժի պահանջարկը եղած է 2711՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի 2392­ի համեմատ: Յունիս ամսին աշխատուժի պահանջարկը կազմած է 3098՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 2612-­ի համեմատ, իսկ Յուլիս-ին աշխատուժի պահանջարկը բարձրացած է 444-­ով՝ դառնալով 3190:

Չկրկնուող աշխատատեղերու քանակը Յուլիսին եղած է 585: Ի դէպ, ամենաբարձր պահանջարկը ունեցած են մշակման արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ բանուորները, առողջապահութեան բնագաւառի մասնագէտները, խանութի վաճառողները: Եղած է 273 բանուորի, առողջապահութեան բնագաւառի 170 մասնագէտի եւ 160 վաճառողի պահանջարկ:

Պաշտօնապէս արձանագրուած միջին ամսական գործազուրկներու քանակը 2017 Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն եւս նուազած է: