Հայաստանի մէջ խոզի կրիփի հետեւանքով յառաջացած բարդացումներու պատճառով մահացածներուն թիւը հասած է վեցի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անահիտ Հայթայեանը:
«Երէք հիւանդ մահացել է 2015-ի Դեկտեմբերին, երեքը` 2016-ին», – տեղեկացուցած է Հայթայեան, կը գրէ panarmenian.net-ը:
Ըստ նախարարութեան` Յունուար 9-ի դրութեամբ H1N1 վարակէն (խոզի կրիփ) մահացած բոլոր 3 Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ եղած են բարդացած դէպքեր կամ ուշ դիմած են բժիշկներու, կամ ժահրը համակցուած եղած է հիւանդներուն ներքին այլ հիւանդութիւններու հետ:
Յունուար 9–ի վերջին տուեալներով` Հայաստանի մէջ արձանագրուած են սուր շնչառական վարակներով հիւանդանոց տեղափոխուած 662 դէպք, որմէ 219-ը` թոքաբորբ: Հանրապետութեան վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ կը բուժուի 83 հիւանդ, որմէ 7-ը միացուած է արհեստական շնչառական սարքին:
Նախարարութիւնը կը յորդորէ կրիփանման երեւոյթներու պարագային շուտով դիմել բժշկական օգնութեան, չզբաղի ինքնաբուժումով: