Հայաստանի մէջ մօտերս տեղի պիտի ունենան հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւններ

Հայաստանի մէջ այս ամսուայ կէսին վերստին հայ-ամերիկեան տեղի պիտի ունենան: Յիշենք, որ նախորդ զօրավարժութիւններ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին էր։

Յուլիս 15-էն 24-ը ծրագրուած «Արծիւ գործընկեր» խորագրով վարժանքներուն ամերիկեան կողմէ զօրավարժութեան պիտի ներգրաւուին Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային զօրքերու զինուորները: Նպատակը խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններուն պատրաստուիլն է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցմամբ, զօրավարժութեան նպատակն է բարձրացնել հայկական ստորաբաժանման պատրաստուածութիւնը, նաեւ համագործակցութեան մակարդակը խաղաղապահ գործողութիւններու շրջանակին մէջ, իրականացնել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակում։

Ամերիկեան կողմը կը հաղորդէ, որ խաղաղապահ գործողութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան հրաձգութեան, կայունութեան, զէնքերու ծանօթացման, տեղանքի կառավարման դասընթացքներ։ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու հրամանատարութեան փոխանցմամբ՝ անոնք պիտի օգնեն, որ երկու երկիրները ծանօթանան իրար սարքերուն։

«Անցած տարիներուն Քանզասի ազգային զօրքը սերտ համագործակցութիւն հաստատած է Հայաստանի հետ։ Մեր հայ գործընկերներուն հետ կողք-կողքի աշխատիլը «Արծիւ գործընկեր» վարժանքներու շրջանակին մէջ կ’ամրապնդէ վստահութիւնն ու ընկերութիւնը մեր երկիրներուն, ինչպէս նաեւ բանակի տղամարդոց ու կանանց միջեւ»,- իր հերթին ըսած է Քանզասի զօրավար Միքայէլ Վեներտին։

Քանզասի ազգային զօրքը հայկական զինուժին հետ կը համագործակցի 2003 թուականէն, իսկ «Արծիւ գործընկեր»-ը նախատեսուած է ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ երկարամեայ գործընկերութիւնը։