Յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ պիտի բացուի «Քալաշնիքով» հրացաններ արտադրող գործարանը:
Այս մասին InfoPort.am կայքին յայտնած է ձեռնարկութեան ղեկավար կազմի ներկայացուցիչ Իկոր Կարտիենքոն:
Գործարանը հիմնուած է «Նեյթրոն Կամ» եւ ռուսական «Քալաշնիքով» ընկերութիւններու համագործակցութեան պայմանագրի հիման վրայ:
Սկզբնական շրջանին ռազմարդիւնաբերական գործարանին մէջ պիտի կատարուի АK103 տեսակի հրացաններու հաւաքումը։ Հրացանի մասերը պիտի բերուին Ռուսիայէն եւ ձեռնարկութեան արտադրամասերուն մէջ պիտի հաւաքուին զէրոյէն: