Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան. «Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը Ռուսիոյ համար կարեւոր է»

Հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձի հարցը Ռուսիոյ համար կարեւոր է: Շրջանին մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը այդ մասին կը խօսի: Այս մասին «24NEWS»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:

«Մենք միշտ նկատած ենք, եւ այդ մասին հրապարակաւ ըսուած է, որ կարեւոր է, որ հայերը ապրին իրենց պատմական հայրենիքին` Ղարաբաղի մէջ: Ատով պայմանաւորուած է այնտեղ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը: Ինծի համար ատիկա կը վկայէ, որ այդ հարցը չի վերցուիր: Ղարաբաղցի այն հայերը, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ, ատոր իրաւունքը ունին: Ես այնպէս կը հասկնամ, որ ատրպէյճանական կողմէն այդ իրաւունքը չի մերժուիր», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումի պարագային Ռուսիան պիտի կատարէ՞ իր պարտականութիւններ, Քոփիրքին  յայտնած է.«Ես հիմքեր չունիմ կարծելու, որ Ռուսիան կը հրաժարի այն պարտականութիւններէն, որոնք ստանձնած է համաձայնագիրներով: Մեր բոլոր հրապարակային յայտարարութիւնները նշեալ հարցը կասկածի տակ դնելու առիթ չեն տար: Ես ինքս կ’ուզեմ հարցնել` Հայաստանի իշխանութիւններու որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ հնչող, ոչ բարեկամական յայտարարութիւնները ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն:

«Ամէն պարագայի, անհրաժե՞շտ է, որ Ռուսիան կատարէ իր պարտականութիւնները, թէ՞ պէտք է ստեղծել կացութիւն մը, որ ան չկատարէ այդ պարտականութիւնները: Ակամայ այս հարցումը կը յառաջանայ, նախապէս չէի ալ մտածեր այս մասին, իսկ հիմա պէտք է»:

Պատասխանելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի մեղադրանքին, թէ Ռուսիան արտօնած է Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը, դեսպանը նկատած է, որ ինքնին Ռուսիան չէ արտօնած, որ տեղի ունենայ այդ սպանդը, եւ կանխած է աղէտը, այն պարագային, երբ կացութիւնը բաւական ծանր էր:

«Ռուսիոյ համար ալ դժուար էր կանխարգիլել այդ աղէտը, ինչին շատ լաւ ծանօթ է հայկական ղեկավարութիւնը: Երբ նմանատիպ հանրային մեղադրանքներ կը հնչեն, իմ մօտ հարցում կը յառաջանայ, թէ ատիկա ինչո՞ւ տեղի կ’ունենայ: Չէ՞ որ ատիկա բացայայտ սուտ է, մարդիկ գիտեն, որ ատիկա սուտ է», աւելցուցած է դեսպանը: