Վրաստան պատրաստ է համագործակցելու իր դրացի երկիրներուն հետ` շրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանեցման եւ ամրապնդման ընդհանուր նպատակին հասնելու համար:
Այս մասին ընդգծած են Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութենէն` պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, թէ Վրաստանը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
«Մենք կը ճանչնանք Կովկասի ռազմավարական նշանակութիւնը իբրեւ հաղորդակցութիւններու համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող շրջան եւ ատոր աճող կարեւորութիւնը կապի ապահովման գործին մէջ:
«Վրաստանը պատրաստ է համագործակցելու դրացի երկիրներուն հետ` շրջանային հաղորդակցութիւններու բազմազանեցման եւ ամրապնդման մեր հասարակաց նպատակին հասնելու համար: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն շրջանային կայունութեան, տնտեսական աճին եւ կապերու ընդլայնման», նշած են Վրաստանի դեսպանատունէն: