Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2019 Յունուար-Հոկտեմբերին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ, աճած է 7.1 տոկոսով: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ վկայակոչելով պաշտօնական տուեալները:
Նոյն ժամանակահատուածին՝ արդիւնաբերական արտադրանքի աճը կազմած է 8.8%, շինարարութեան աճը՝ 4.5%, առեւտուրի աճը՝ 8.9%, ծառայութիւններու աճը՝ 15.1%:
Արտահանումը աւելցած է 7.2%-ով: Միջին ամսական աշխատավարձը աճած է 5.9 տոկոսով: «Ասոնք բաւական լաւ ցուցանիշներ են, եթէ չըսեմ՝ շատ լաւ: Այսպիսով, ունինք բոլոր հիմքերը պնդելու, որ 2019-ի տնտեսական աճը մօտ պիտի ըլլայ 7 տոկոսին: Յոյս ունինք՝ նաեւ պիտի հատէ 7 տոկոսի սահմանագիծը»,- նշած է Փաշինեան: