Հայաստանի մշակոյթի օրեր Պելառուսիոյ մէջ

Փետրուար 8-11 Պելառուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ իրականացած են Հայաստանի մշակութային օրեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Հայաստանի մշակոյթի օրերու ծիրէն ներս՝ Փետրուար 9-ին Պելառուսիոյ Ազգային գրադարանին մէջ բացուած է հին գիրքերու ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսի բացման ելոյթներով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ մշակոյթի նախարարներու տեղակալներ Արթուր Պօղոսեանը եւ Իրինա Տրիկան:

Նոյն օրը Պելառուսիոյ պետական ֆիլհարմոնիային մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի մշակոյթի օրերու բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Ելոյթով հանդէս եկած է ԲՀ մշակոյթի նախարար Պորիս Սուետլովը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը: Ելոյթէն ետք մեկնարկած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին համերգը: Հանդէսին ներկայ եղած են Պելառուսիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչներ, պետական մարմիններու աշխատակիցներ, օտարերկրեայ դեսպաններ ու դիւանագէտներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, պելառուս ուսանողներ եւ այլն:

Փետրուար 10-ին Մինսկի Մ. Սաւիցքիի անուան պատկերասրահին մէջ բացուած է հայ ժամանակակից նկարիչներու արուեստի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին գեղանկարիչներ Խ. Աբրահամեանը եւ Գ. Ղազանչեանը պելառուսական հանդիսատեսին ներկայացուցած են 13 նկարիչի մօտ 60 աշխատանք:

Նոյն օրը ԲՀ պետական երաժշտութեան ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբին համերգը, որմով աւարտած է մշակոյթի օրերու ծրագիրը:

Փետրուար 10-ին Մինսկի մէջ բացուած է գիրքի 23-րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն Հայաստանը այս տարի կը մասնակցի պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով: Հայաստանը կը ներկայացնէր ՀՀ Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած է մօտ 200 միաւոր գրականութիւն, ներառեալ` Հայաստանի անկախութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թեմաներուն:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Պելառուսիոյ կառավարութեան անդամներ, ԲՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, գրողներ, ուսանողներ: