Իրաք կը հանդիսանայ միջին արեւելեան տարածաշրջանի մէջ Հայաստանի կարեւոր եւ վստահելի գործընկերը։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած միացեալ յայտարարութեան ընթացքին յայտնած է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Հայաստանի նախագահը շեշտած է որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր այս մէկը Իրաքի նախագահի առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Հայաստան, ինչ որ նոր էջ կը բանայ հայ-իրաքեան յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ խորացման, ընդլայնումի հզօր լիցք կը հաղորդէ բարեկամ պետութիւններու միջեւ բազմոլորտ համագործակցութեան։
Հայաստանի նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխ վստահութեան եւ ջերմ բարեկամութեան մթնոլորտի ներքեւ։
Ապա աւելցուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու գործուն զարգացման համար հաստատուն հիմք կը հանդիսանան ինչպէս հայ-արաբական պատմամշակութային առնչութիւններու հարուստ անցեալը, այնպէս ալ Իրաքի մէջ դարերու պատմութիւն ունեցող հայ համայնքի առկայութիւնը։
Նախագահին խօսքով՝ Հայաստան մեծապէս հետաքրքրուած է Իրաքի հետ երկկողմ օրակարգի զարգացման, մասնաւորապէս առեւտրատնտեսական ոլորտին մէջ։
Հայաստանի եւ Իրաքի նախագահները հանդիպման աւարտին վերահաստատած են միջպետական յարաբերութիւնները խորացնելու երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը։