ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ԱՆԿԱՆՈՆ ԿՐԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՎՆԱՍՈՒԱԾ Է ՏԵՂ ԳԻՒՂԻ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՊԱՏՈՒՀԱՆԸ»

Ի լրումն ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութեան, ՀՀ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած է, որ 7 Ապրիլին, տեղւոյն ժամը 00։30-էն 1։00 ժամանակահատուածին, Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմէն փոքր տրամաչափի զինատեսակներէն արձակուած անկանոն եւ ոչ-նպատակային կրակին հետեւանքով վնասուած է նոյն գիւղի տուներէն մէկուն պատուհանը։
Տան բնակիչը չէ վնասուած։
Կրակոցներուն պատճառով Տեղ գիւղի բնակիչներուն այլ վնասներ չեն հասած։
Ներքին Գործոց Նախարարութեան ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է օրէնքով նախատեսուած գործողութիւններու, որոնցմէ ետք փաստաթուղթերը պիտի ներկայացուին Քննչական Կոմիտէութեան։