Ուրբաթ՝16 Օգոստոս 2024-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեան ազատ արձակուեցաւ կալանքէն 15 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:
Հակափտածութեան առաջին ատեանի դատարանը Ուրբաթ օր բաւարարած է նախկին նախարարի պաշտպան Անդրանիկ Մանուկեանի միջնորդութիւնը Տօնոյեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մասին:
Դաւիթ Տօնոյեան գրեթէ երեք տարիէ ի վեր կալանաւորուած էր «անպիտան հրթիռներու» գործով: Նախկին նախարարը այս գործով անցնող 7 մեղադրեալներէն միակն էր, որ անազատութեան մէջ էր:
Դատարանը մերժած էր Տօնոյեանի կալանքը փոխելու բազմաթիւ միջնորդութիւններ:
Ինք` նախկին նախարարը չ’ընդունիր մեղադրանքը։ Տօնոյեան յայտարարած է, որ իր նկատմամբ «թաւշեայ քաղաքական հետապնդում կ’իրականացուի»: