Հայաստանի պետական պարտքը 2016-ին ճշգրտուած տուեալներով կազմած է 5.9 միլիառ տոլար: Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին Հայաստանի 2016-ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկման ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀ Ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան: «Ատոր 5.4 միլիառ կառավարութեան պարտքն է, 505 միլիոն տոլարը` Կեդրոնական դրամատանը»,- ընդգծած է ան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մեդիա»-ն։
ՀՀ արտաքին պարտքը կը կազմէ 4.3 միլիառ տոլար, ներքին պարտքը` 1 միլիառ 137 միլիառ տոլար: «Երաշխիքներով տրուած վարկերը, որոնք հիմնականօրէն Կեդրոնական դրամատան միջոցով տրուած վարկերն են, կազմած են 146 միլիոն տոլար»,- ըսած է նախարարը:
Ան աւելցուցած է, որ 2014-ին, նախորդ տարուան նկատմամբ, Հայաստանի անուանական պարտքը չէ աւելցած, սակայն քանի որ եղած է փոխարժէքի շուրջ 17 տոկոս արժէզրկում, անիկա յանգեցուցած է պարտքի աճի` նոյնիսկ այն պայմաններուն մէջ, երբ անուանական պարտքը նուազած է: «2015-2016 թուականներուն մեր մօտ պարտքի զգալի աճ կայ: Արտաքին պարտքը, որ մենք 2015-2016 թուականներուն վերցուցած ենք, կազմած է 510 միլիոն տոլար: Ատիկա գրեթէ նոյնքան գումար է, որքան մենք այդ ընթացքին փոխանցումներու կորուստներ ունեցանք: Ուստի, եթէ չվերցնէինք այս պարտքը, ատիկա ոչ միայն պիտի յանգեցնէր տնտեսական աւելի ցած ցուցանիշներու ու անկման, այլ նաեւ ճնշումներ պիտի ըլլային արտարժոյթի շուկային մէջ»,- նշած է Վարդան Արամեան: