Հայաստանի պետական պարտքը հատած է 6 միլիառի սահմանը

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ, որ Հայաստանի պետական պարտքէն 5 միլիառ 115 միլիոն տոլարը արտաքին պարտք է:

Թերթը կը գրէ. «Հայաստանի պետական պարտքը միայն այս տարուան Նոյեմբերին աւելցած է 108 միլիոն տոլարով եւ ընդհանուրը կը կազմէ 6 միլիառ 404 միլիոն 700 հազար տոլար: «Ժողովուրդ» օրաթերթը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ ելեւմուտքի նախարարութենէն: Հայաստանի պետական պարտքէն 5 միլիառ 115 միլիոն տոլարը արտաքին պարտք է:

Նշուած գումարէն 62 միլիոն 700 հազարը աւելցած է Նոյեմբերին: Հայաստանի ներքին պարտքը կը կազմէ 1 միլիառ 289 միլիոն տոլար: Այս գումարէն 45 միլի­ոն 400 հազարը գոյացած է Նոյեմբերի ընթացքին տեղաբաշխուած պետական պարտատոմսերու իրացման հաշուին:

Ի դէպ, շաբաթ օրը Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ խոստացած է, որ 2040 թուականին մէկ շունչի հաշուով համախառն ներքին արդիւնքը պիտի կազմէ 10 հազար տոլար: Այլ կերպով` Հայաստանի ամէն մէկ բնակիչ 2040 թուականին տարեկան պիտի վաստակի միջինը 10 հազար տոլար: Իրականութեան մէջ Սերժ Սարգսեանի խոստումը աւելի շուտ կրնայ իրագործուիլ, բայց մէկ հոգիի  բաժին հասնող պարտքի մասով: Եթէ հաւատանք ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, ըստ որոնց` ՀՀ մշտական բնակչութիւնը 2 միլիոն 979 հազար 600 հոգի է, ապա  Հայաստանի ամէն մէկ բնակիչ արդէն իսկ պարտք է 2 հա­զար 150 տոլար` ինքն ալ այդ մասին տեղեակ չըլլալով, կը գրէ «Սփութնիք»-ը: