Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու ծիրէն ներս կ’առաջարկուի՝ «Փոքրամասնութեան կառավարութիւն ձեւաւորելու» հնարաւորութիւն եւ «արտահերթ ընտրութիւններու կայացման ժամկէտերու վերանայում»։

«Ազատութեան» տրամադրութեան տակ է Արդարադատութեան նախարարութենէն կառավարութիւն ուղարկուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծը, որով կ’առաջարկուի մայր օրէնքին մէջ ամրագրել «փոքրամասնութեան կառավարութիւն ձեւաւորելու» հնարաւորութիւն եւ «արտահերթ ընտրութիւններու կայացման ժամկէտերու վերանայում»։

Կառաջարկուի հրաժարիլ կայուն խորհրդարանական մեծամասնութեան սկզբունքէն

Գործող Սահմանադրութեամբ ընտրական արգելապատնէշը յաղթահարած որեւէ կուսակցութիւն կամ դաշինք կրնայ քաղաքական կոալիցիա (առժամեայ Միութիւն) կազմել խորհրդարան անցած այլ՝ առաւելագոյնը երկու կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու հետ, եթէ անոնց օգտին տրուած ձայներուն գումարը բաւարար է մեծամասնութիւն ստանալու համար, եւ անոնք եկած են համաձայնութեան վարչապետի թեկնածուին հարցով: Հիմա իշխանութիւնը կ’առաջարկէ չսահմանափակել կոալիցիայի մասնակիցներուն թիւը։ Կ’առաջարկուի անցում կատարել «իշխող մեծամասնութեան եւ կառավարութիւն ձեւաւորելու այնպիսի համակարգի, որ հիմնուած պիտի ըլլայ միջկուսակցական դաշինքներու եւ քաղաքական երկխօսութեան վրայ»։

Կառաջարկուի «փոքրամասնութեան կառավարութիւն» ձեւաւորելու հնարաւորութիւն

Նախագիծը կ’առաջարկէ հրաժարիլ գործող Սահմանադրութեամբ ամրագրուած խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան սկզբունքէն՝ փաստարկելով, թէ «կայունութիւնը ունակ է յառաջացնելու քաղաքական ու տնտեսական լճացում»։

Ըստ այդմ, կ’առաջարկուի Սահմանադրութեամբ ստեղծել «փոքրամասնութեան կառավարութիւն» ձեւաւորելու հնարաւորութիւն, որ Հայաստանի մէջ երբեք չէ կիրառուած։ Անոր հասնելու համար կ’առանձնացուի երկու տարբերակ՝ մէկով երկրին նախագահը կրնայ Ազգային Ժողովի առաւել մեծ թիւով պատգամաւորներուն վստահութիւնը վայելող անձը նշանակել վարչապետ, երկրորդ՝ կիրառել Երեւանի քաղաքապետի ընտրութեան ձեւի նման իրաւական կարգ եւ որպէս վարչապետ ընտրել առաւել շատ ձայներ ստացած թեկնածուն, այլ կերպ ըսած՝ «փոքրամասնութեան կառավարութիւն» ձեւաւորել օրէնքի ուժով, առանց ոեւէ միջնորդի։

Նախագիծը կը դիտարկէ նաեւ երրորդ տարբերակ, որ կը բացառէ փոքրամասնութեան կառավարութեան հնարաւորությունը․ այս պարագային խորհրդարանը պէտք է արձակուի իրաւունքի ուժով այնքան, քանի դեռ ոեւէ մէկը չի ստանար մեծամասնութիւն կամ չի ձեւաւորուիր կոալիցիա։

Նախագիծին հեղինակները կը փաստեն, որ այս ձեւերու անկայունութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ կան, միաժամանակ կը պնդեն, որ անոնք չափազանցութիւն են։ Օրինակ կը բերուին Իտալիան, Պելճիքան, Պուլկարիան, Իսրայէլը, ուր այդ անկայունութիւնը, ըստ հեղինակներուն, չի վերածուիր քաղաքական ճգնաժամերու։

Յիշատակուած երկիրներէն Իսրայէլի մէջ, ի դէպ, 2019-ի Ապրիլէն 2022 թուականի Նոյեմբեր՝ երեքուկէս տարուայ մէջ հինգ ընտրութիւն տեղի ունեցած է, Պուլկարիոյ մէջ եւս 2021-ի Ապրիլէն 2023-ի Ապրիլ՝ երկու տարուան մէջ, հինգ ընտրութիւն, որոնցմէ երեքը՝ կէս տարուան մէջ։ Պելճիքայի մէջ ալ փոքրամասնութիւնը չէր կրցած կառավարութիւն ձեւաւորել 652 օր՝ 2018-ի Դեկտեմբերէն 2020-ի Սեպտեմբեր։

Կառաջարկուի վերանայիլ արտահերթ ընտրութիւններու կայացման ժամկէտերը

Սահմանադրական բարեփոխումներով կ’առաջարկուի նաեւ վերանայիլ եւ աւելի երկար ժամանակ տալ արտահերթ ընտրութիւններու կայացման համար։ Ըստ այդմ, եթէ գործող օրէնքով կը պահանջուի արտահերթ քուէարկութիւնը կազմակերպել խորհրդարանը ցրելէ յետոյ 30-45 օրուայ ընթացքին, ապա հիմա կ’առաջարկուի այդ ժամկէտը երկարացնել՝ դարձնելով 50-60 օր։

Ի դէպ, քաղաքական ուժերը առայժմ զերծ կը մնան մեկնաբանութիւններէն՝ պատճառաբանելով, որ հայեցակարգի նախագիծին դեռ ծանօթ չեն, այն պաշտօնապէս չէ հրապարակուած։