Հայաստանի քաղաքացիները կրնան Պրազիլ մեկնիլ առանց վիզայի

Ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգը հանելու մասին համաձայնութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պրազիլի Դաշնային Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան` Նոյեմբեր 25-էն Հայաստանի եւ Պրազիլի քաղաքացիները իրարու տարածք մուտք գործելու, դուրս գալու, տարանցիկ անցնելու եւ գտնուելու համար կ՛ազատուին մուտքի արտօնագիր ձեռք բերելու պահանջէն` 90 օրը չգերազանցող ժամկէտով, որ կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 90 օր` պայմանով, որ գտնուելու ընդհանուր ժամկէտը չգերազանցէ 180 օրը 12 ամսուան ընթացքին: