Հայաստանն ու Արցախը մասնակցած են Լոնտոնի համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 5-էն 7 Նոյեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է հեղինակաւոր Համաշխարհային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսը (Լանտըն Ուըրլտ Թրավըլ Մարքեթ):

Ամէն տարի այս ձեռնարկին  կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներ, զբօսաշրջային մարզի աւելի քան 50 հազար  մասնագէտներ: Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը կազմակերպած էր հայաստանեան զբօսաշրջային գործակալութիւններու մասնակցութիւնը նշեալ ցուցահանդէսին: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են  նաեւ Արցախը` ի դէմս Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի եւ զբօսաշրջային գործակալութեան: Ձեռնարկի շրջագիծին մէջ հայկական տաղաւար այցելած են բազմաթիւ հիւրեր, այլ երկիրներու զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, հայ համայնքի անդամներ:

Արցախի ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը աւարտած են 6 Նոյեմբերին եւ վերադարձած հայրենիք: Հայաստանը ներկայացնող ընկերութիւնները շարունակած են մասնակցիլ ցուցահանդէսին նաեւ 7 Նոյեմբերին:

Արցախի մասնակցութեան երկու օրերուն ալ ազրպէյճանական կողմը բողոք յղած է կազմակերպիչներուն` պահանջելով տաղաւարէն հեռացնել Արցախ անուանումն ու նիւթերը: Սակայն հայկական կողմը ձեռնարկի  կազմակերպիչներուն հետ տարուած աշխատանքին շնորհիւ ապահոված է Արցախ անուան գործածումը եւ տաղաւարին մէջ առկայ բոլոր նիւթերու հասանելիութիւնը հիւրերուն:

Արցախեան կողմը կրցած է յաջողութեամբ ներկայացնել երկրի զբօսաշրջային կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հաստատել գործնական կապեր: