Հայաստանն ու Չինաստանը կը քննարկեն ուղիղ թռիչքներ ունենալու հարցը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան (ՔԹԳՎ) պետ Սերգէյ Աւետիսեանը աշնան Չինաստան պիտի այցելէ:

Այցի ծիրէն ներս, ըստ Armenpress.am-ի, հնարաւոր է ստորագրուի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը եւ քննարկուին դէպի ՀՀ եւ հակառակ ուղղութեամբ հնարաւոր ուղիղ չուերթներու իրականացման մանրամասները: Այս մասին ըսած է ՔԹԳՎ մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեան, նշելով, որ Սերգէյ Աւետիսեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած էր Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքուղիներու վարչակազմի պետի տեղակալ Վանկ Ճիցինկի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:

Այցին ծիրէն ներս նախաստորագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւններու մասին» համաձայնագիրը եւ ստորագրուած երկու պետութիւններու թռիչքուղիներու իշխանութիւններու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրը:

Հայկական պատուիրակութիւնը՝ ՔԹԳՎ պետ Սերգէյ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ՝ ստացած է հրաւէր մեկնելու Չինաստան, չինական թռիչքուղիներու ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպելու նպատակով: