ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՍԻՒՆԸ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ճշգրտումի աշխատանքներու ընթացքին 23 Ապրիլին տեղադրուած է առաջին սահմանային սիւնը, յայտնած են կառավարութենէն։ Հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, չէ նշուած որոշուած տեղանքին անունը։

Հաղորդուած է, որ երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերուն աշխատանքները կը շարունակուին։
Սահմանազատման յանձնաժողովներու պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, սահմանին երկու երկիրներու փորձագիտական խումբերը այսօր սկսած են ճշդումի գործընթացը՝ հիմնուելով տեղանքի չափումներուն վրայ։

Ըստ այդ պայմանաւորուածութեան, կողմերը «նախնական համաձայնած են»՝ Տաւուշ-Ղազախ սահմանի որոշ հատուածներ համապատասխանեցնել «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն դրութեամբ գոյութիւն ունեցող միջհանրապետական սահմանին»։