Հայաստան բերուած է երկու վակոնէ կազմուած ելեկտրագնացք, որ ունի 129 նստատեղ եւ կահաւորուած է յարմարաւէտ աթոռներով: Ըստ News.am-ի՝ գնացքը ունի օդափոխման, մանրէազերծման, հակահրդեհային համակարգեր, արկածի պարագային ելքի պատուհաններ եւ տեղեկատւութիւն ներկայացնող պաստառներ:
Գնացքը յարմարաւէտ է բոլորին համար, նաեւ՝ յենաշարժական հարցեր ունեցող ուղեւորներու համար. անիկա կահաւորուած է վերելակներով: Սայլակներով տեղաշարժող ուղեւորները անոնց օգնութեամբ կրնան բարձրանալ եւ իջնել վակոններէն:
Ելեկտրագնացքը առայժմ կը գտնուի փորձարկման փուլին մէջ:
Փորձարկումէն ետք պիտի որոշուի, թէ քանի նստատեղով եւ վակոններով ելեկտրագնացք անհարժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: