Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը նպատակադրէ 2017-2022 թուականներուն իրականացուելիք քայլերու եւ միջոցառումներու արդիւնքով տարեկան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը հասցնել առնուազն 3 միլիոնի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին նշուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին մէջ, որը նախարարներու արտահերթ նիստի ժամանակ արժանացած է հաւանութեան եւ ուղարկուած Ազգային ժողովի քննարկման:
Զբօսաշրջութեան ոլորտը կարգաւորող իրաւական դաշտը կատարելագործելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017-ի աւարտը իրականացնել շարք մը նպատակային շուկայ հանդիսացող երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստան առանց վիզայի կամ մուտքի արտօնագրի տրամադրման գործընթացի դիւրացում, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային փոխադրամիջոցներու համար սահմանային անցման դիւրացում:
Մինչեւ 2018-ի աւարտը կառավարութիւնը կը նախատեսէ սահմանել զբօսաշրջային ծառայութիւններու նկատմամբ որակական նոր պահանջները եւ ներդնել ատոնց ապահովման մեքանիզմները: Կը նախատեսուի մինչեւ 2019 թուականի աւարտը ներդնել զբօսաշրջութեան արձանագրութեան, մինչեւ 2020 թուականի վերջը աւարտել հանրապետութեան տարածքին ժամանակակից զբօսաշրջային տեղեկատուական միասնական ցանցի ստեղծման աշխատանքները:
Հայաստանի ճանաչելիութիւնը աշխուժացնելու, զբօսաշրջային արդիւնքի զանազանութիւնը ապահովելու, վիճակագրական տեղեկատուական համակարգը կատարելագործելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017 թուականի աւարտը մշակել եւ ընդունել «Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» ռազմավարութիւնը` 2018 թուականին ապահովելով ատոր իրականացումը:
Ծրագիրով կը նախատեսուի 2017-2022 թուականներու ընթացքին պետական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մարզերուն մէջ ամէնամեայ աւանդական փառատօներու, տօնակատարութիւններու եւ այլ զբօսաշրջային նախաձեռնութիւններու կազմակերպման: 2017-2022 թուականներու ընթացքին կը նախատեսուի ընդլայնել մարզական զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ միջազգային մրցաշարերու կազմակերպման միջոցով:
Ծրագրով կը նախատեսուի 2017-2022 թուականներու ընթացքին ամրապնդել, զարգացնել եւ խթանել համաշխարհային շուկայի մէջ Հայաստանի` որպէս ապահով եւ զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ երկրի նկարագիրը, մինչեւ 2018 թուականի աւարտը կատարելագործել զբօսաշրջութեան վիճակագրութեան վարման մեթոտը` նախադրեալներ ստեղծելով Զբօսաշրջութեան արբանեակային հաշիւ համակարգի ներդրման համար, մինչեւ 2020 թուականի աւարտը ընդունել էքոզբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգը: