Հայաստան կը վերահաստատէ Ատրպէյճանի հետ սահմանին հրադադարի դրութեան խախտումի դէպքերու միատեղ հետաքննութեան ձեւաչափի ստեղծումի առաջարկութիւնը։ Այս մասին, «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմը։
«Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրները վերսկսած են Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին ՀՀ Զինեալ ուժերու կողմէն հրադադարի դրութեան խախտումին մասին հրապարակումները:
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած է այդ տեղեկատուութիւնը: Հակառակ անոր, որ ատրպէյճանական աղբիւրները կը շարունակեն նմանատիպ հրապարակումները՝ համեմելով զանոնք աշխարհաքաղաքական բնոյթի շեշտադրումներով:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աշխատակազմը կը վերահաստատէ հրադադարի դրութեան խախտումի դէպքերու եւ կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան միատեղ ձեւաչափ ստեղծելու իր առաջարկութիւնը:
Կը վերահաստատենք ՀՀ կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին՝ արդէն իսկ ձեռքբերուած հրապարակային պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներուն մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: