Creative Spark («Ստեղծարար միտք») խորագիրով ծրագրի իրականացման ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 4-ին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց:
Ծրագիրը առաջարկուած է Բրիտանական խորհուրդի կողմէ: Հնգամեայ ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու ձեռնարկատիրական կրթութեան եւ ստեղծարար ոլորտի զարգացման մասնակից եօթ երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի:
Նախատեսուած է ծրագրի մասնակից երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատուիւններու (բուհ-համալսարան) մէջ ստեղծարար ձեռնարկատիրական կեդրոններ հիմնել եւ նպաստել անոնց միջեւ ստեղծարար համագործակցութեան: Այդ կեդրոնները պիտի համագործակցին նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան բուհերու հետ: Իւրաքանչիւր միջազգային համագործակցութեան համար երկու տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի մինչեւ 50 հազար ֆունտ սթերլին:
Մինչեւ յուշագրի ստորագրումը Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբէկեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է․ «Այս ծրագիրը շատ աւելի կայուն կրնայ ըլլալ, քանի որ պիտի ստեղծուի բարձրագոյն ուսամնական հաստատութիւններու համակարգի մէջ եւ կրնայ կրթական համակարգի մաս դառնալ: Բուհերը արդէն պատասխանատու պիտի ըլլան այդ կեդրոններու յետագայ կայունացման եւ ծրագիրներու իրականացման համար»:
Հարցումին, թէ ինչ կ՛ենթադրէ ծրագիրը, ինչ հնարաւորութիւններ կը տրուին մասնակիցներուն, Սարիբէկեան պատասախանեց․ «Ծրագրի հիմնական գործողութիւններէն մէկն այն է, որ Հայաստանի բարձրագոյն ուսամնական հաստատութիւնները պէտք է Մեծ Բրիտանիոյ բուհերու հետ համագործակցութիւն սկսին, եւ իրենք պէտք է ներկայացնեն առաջարկ: Բաց մրցոյթի միջոցով պիտի ընտրուին այդ առաջարկները: Այսինքն, Մեծ Բրիտանիոյ բուհը եւ Հայաստանի բուհը պէտք է մշակեն ծրագիր, թէ ինչպէս կը տեսնեն ստեղծարար կեդրոնի բացումը եւ զարգացումը յստակ տուեալ բուհին մէջ: Այդ կեդրոնները յետոյ կրնան աջակցութիւն ցոյց տալ ոչ միայն բուհի ուսանողներուն, այլ նաեւ ցանկութիւն արտայայտած երիտասարդ մասնագէտներուն»:
Փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումէն առաջ ներկայացնելով «Ստեղծարար միտք» ծրագիրը` Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան մասնաճիւղի ծրագիրներու ղեկավար Նարեկ Թովմասեան նշեց․ «Միացեալ Թագաւորութեան նոր հնգամեայ ծրագիրը կ՛իրականացու եօթը երկրի` Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղըզիստանի, Ուզպեքիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Ծրագրի նպատակն է` աջակցիլ ստեղծագործ ձեռնարկատիրական հմտութիւններու զարգացման եւ առհասարակ ոլորտի զարգացման: Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Բրիտանական խորհուրդի կողմէ, որ, օգտուելով Միացեալ Թագաւորութեան ձեռնարկատիրական, կրթական փորձէն, համատեղ` տուեալ պարագային Հայաստանի մասնագէտներու եւ հաստատութիւններու հետ պիտի մշակէ ուսումնական ծրագիրներ, որոնք անմիջապէս պիտի ունենան շահառուներ` իւրաքանչիւր երկրի մէջ աւելի քան 10 հազար ուսանող»:
Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան նշեց․ «Մենք յստակ կը գիտակցինք, որ ունինք խնդիր արուեստը եւ մշակոյթը տարածելու առումով, եւ սա հերթական նման նախաձեռնութիւնն է, որուն անմիջապէս արձագանգած ենք: Այն կեդրոնները, որոնք պիտի ստեղծուին, այն վերապատրաստումները, որոնք պիտի ըլլան, այն հմտութիւնները, որոնք ձեռք պիտի բերեն մասնակիցները, թոյլ կու տան լուծել իմ նշած խնդիրները: Շատ լաւ է, որ ծրագիրը հինգ տարուան ընթացքին պէտք է իրականացուի, ինչ որ կը նշանակէ, որ շատ աւելի շատ շահառուներ պիտի ներգրաւուին»:
Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց աւելցուց․ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի ստեղծարար եւ ստեղծագործ մտքի մեծ կարողականութիւն, եւ ատիկա է պատճառը, որ թէ՛ Բրիտանական խորհուրդը, թէ՛ Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը եւ թէ՛ Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած են յատուկ կերպով ուշադրութիւն դարձնել այս հանգամանքին վրայ, եւ հանդէս գալ նախաձեռնութիւններով, որոնք միտուած են այդ ոլորտի զարգացման»: