Հայաստան այս տարի առաջին անգամ 10 միլիոն եւրօ կը ստանայ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն. Հունգարիան հանած է այս օգնութեան վրայ դրուած արգելքը: Ինչպէս «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ «Արմենպրես»-ը, այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»-ը՝ վկայակոչելով Եւրոմիութեան դիւանագիտական աղբիւրներուն։
Ըստ նոյն աղբիւրներու՝ «Միութեան անդամ բոլոր երկրները այլևս պատրաստ են կանաչ լոյս վառել, եւ կ’ակնկալուի, որ նախագիծը նախ կը հաստատուի Յուլիս 17-ին՝ անդամ երկրներու դեսպաններու, ապա Յուլիս 22-ին՝ արտգործնախարարներու նիստին»։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հունգարիան վէթօ դրած էր նախագծի վրայ, պահանջելով, որ Ատրպէյճանը եւս օգնութիւն ստանայ ԵՄ Խաղաղութեան հիմնադրամէն։ Ըստ աղբիւրներու՝ Պուտապեշտի այդ առաջարկը չէ ընդունուած, սակայն փակուղիէն դուրս գալու համար ընտրուած է փոխզիջումային տարբերակ՝ Պաքուին գումար կը տրամադրուի ոչ թէ այս հիմնադրամէն, այլ՝ առանձին՝ ականազերծման աշխատանքներու համար։