Հայերէն առաջին Աստուածաշունչի 350 եւ Յովհաննէս Այւազովսկիի 200-ամեակները ընդգրկուած են UNESCO-ի օրացոյցին մէջ

Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-­ամեակը եւ Յովհաննէս Այւազովսկիի (1817­ 1900թթ.) ծննդեան 200-­ամեակը ընդգրկուած են Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-­ի 2016­.20.17թթ. օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

Որոշումը կայացուած է Փարիզի մէջ` UNESCO-­ի կեդրոնակայանին մէջ, Նոյեմբեր 4-­18 տեղի ունեցած գլխաւոր խորհրդաժողովի 38-­րդ նստաշրջանի ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350-­ամեակ»-ը յայտը ստացած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան աջակցութիւնը, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համատեղ ներկայացուած «Յովհաննէս Այւազովսկիի (1817­1900թթ.) ծննդեան 200­ամեակ»ը յայտը` Իտալիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւնը: Այսպիսով, 1998 թուականէն առ այսօր Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCO-­ի օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն ներկայացուած 21 յոբելենական տարեթիւ: