Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին հնարաւոր է ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ:
Թրքական «Անատոլու» կայքը յօդուած հրապարակած է Աղթամարի մասին` նշելով, որ տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն կղզին: Այս տարուան առաջին 7 ամսուան ընթացքին Աղթամար այցելած է տեղացի եւ արտասահմանցի 83 հազար զբօսաշրջիկ:
Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է, որ Աղթմարի յուշահամալիրը զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէ քաղաքի ամենակարեւոր պատմական արժէքներէն մէկն է: Աղթամարը 2015-ին եկեղեցին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ: Ան նշած է, որ Թանգարաններու գլխաւոր վարչութեան հետ քննարկած են, որոշած այս տարի յայտ ներկայացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ` Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Աղթամար եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ 1-ին թագաւորի հրամանով, ճարտարապետը Մանուէլն է:
2005-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով սկսած են եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Աշխատանքները տեւած են երկու տարի: Ծախսուած է 4 միլիոն լիրա:
Կը նշուի, որ վերականգնողական աշխատանքներուն մասնագէտ-արուեստագէտներու հետ միասին ընդգրկուած էին նաեւ հնագէտներ եւ ճարտարապետ-շինարարներ, որոնց մէջ` նաեւ Հայաստանէն:
Վերանորոգումէն ետք եկեղեցին ստացած է թանգարան-յուշարձանի կարգավիճակ:
Նշենք, որ 2010-ի Սեպտեմբեր 19-ին, 95 տարուան ընդմիջումէ ետք, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ, իսկ Սեպտեմբեր 30-ի գիշերը մինչեւ Հոկտեմբեր 1 եկեղեցւոյ վրայ դրուեցաւ խաչ: Մինչ այդ թրքական կառավարութիւնը հրաժարած էր խաչ տեղադրելէ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, որուն պատճառով ողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, կը գրէ «Փանորամա»-ն: