Հայաստանէն դեղերու արտահանման աշխարհագրութեան ընդլայնման նպատակով՝ հայկական դեղ արտադրողները աշխատանքներ կը տանին տարբեր երկիրներու մէջ, եւ որոշակի տեղաշարժեր արդէն արձանագրուած են:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին ըսած է ԱՆ «Դեղերու եւ բժշկական սարքերու փորձագիտական կեդրոն»-ի փոխտնօրէն Ալպերթ Սահակեան։
«Հայաստանի մէջ արձանագրուած դեղերուն շուրջ 10 տոկոսը հայկական արտադրութիւն ունին, որոնցմով կ՝ապահովուի հանրապետութեան դեղային պահանջարկի շուրջ 7 տոկոսը: Անոնք մասնաւորապէս տարբեր դեղաբանական խումբերու մէջ ընդգրկուած դեղահատեր են, փոշիներ, դեղապատիճներ, կաթիլաներարկման լուծոյթներ, քսուքներ, մոմիկներ, ներքին եւ արտաքին ընդունման տարբեր լուծոյթներ եւ այլն: Հայաստան կը ներմուծուի հանրապետութեան բնակչութեան ու բժշկական հաստատութիւններուն անհրաժեշտ դեղերու շուրջ 90%-ը: Ըստ ներմուծման ծաւալներու յաջորդականութեան` 2016 թուականի դրութեամբ խոշոր ներմուծողներն են Զուիցերիան, Հունգարիան, Գերմանիան, Ֆրանսան, Սլովենիան, Ռուսիան, Աւստրիան, Վրաստանը, Միացեալ Թագաւորութիւնը, ԱՄՆ-ը»,- ըսած է Ալպերթ Սահակեանը եւ աւելցուցած, որ դեղերու ներմուծումը ենթակայ է խիստ կարգաւորման, եւ որեւէ երկիր ներմուծման մատչելիութեան տեսանկիւնէն չի կրնար առանձնանալ:
Անոր խօսքով` Հայաստանի մէջ արտադրուող դեղերը մեծ մասամբ կ՝արտահանուին Իրաք, Մոլտովա, Ղազախստան, Տաճիկստան, Ռուսիոյ Դաշնութիւն, Լաթվիա, Վրաստան, Ուզպեքիստան, Պելառուսիա, Ուքրանիա, Եմեն եւ Վիեթնամ: Արտահանող հիմնական ընկերութիւններն են «Արփիմեդ»-ը, «Լիկուոր»-ը, «Ֆարմատեք»-ը եւ Երեւանի քիմիադեղագործական գործարանը:
«Մեր ունեցած տուեալներուն համաձայն, արտահանման աշխարհագրութեան ընդլայնման նպատակով հայկական դեղարտադրողները աշխատանքներ կ՝իրականացնեն տարբեր երկիրներու մէջ, եւ որոշակի տեղաշարժեր արդէն արձանագրուած են: Օրինակ` «Լիկուոր» ՓԲԸ-ն պատշաճ արտադրական գործունէութեան` GMP (ՊԱԳ) հաւաստագիր ստանալէն ետք՝ դեղեր սկսած է արտահանել դէպի Իրաք եւ Վիեթնամ»,- ըսած է Սահակեանը:
GMP չափանիշներուն համապատասխանող երեք ընկերութիւններէն մէկուն` «Արփիմետ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վաչագան Ղազարեանի խօսքով, արտահանող երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ տարի իսկապէս կը մեծնայ: 2014-էն դեղեր կ՝արտահանեն Թուրքմէնիստան, Ղազախստան, իսկ այս տարունէ` նաեւ Եմեն: «Ընդլայնման ուղղութեամբ տարբեր քայլեր կ՝իրականացնենք, կ՝ուսումնասիրենք տարբեր երկիրներու շուկաները, ցուցահանդէսներուն կը փորձենք մեր շուկան հնարաւորինս լաւ ներկայացնել»,-ըսած է Ղազարեանը:
Ալբերտ Սահակեանը նշած է, որ դեղարտադրութեան բնագաւառին մէջ հիմնական խնդիրները նիւթական ներդրումներն են, ինչպէս նաեւ որակաւորուած մասնագէտներու պակասը: Այս հանգամանքներէն են կախուած արտահանման հնարաւորութիւններն ու նոր շուկաներու նուաճումը: Սակայն դեղերու շրջանառութեան կարգաւորման նպատակով, վերջին տարիներուն օրէնսդրական դաշտի մէջ իրականացուած են բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնցմէ են “դեղերու մասին” ՀՀ նոր օրէնքի ընդունումը: Ներկայիս ՀՀ ԱՆ զբաղած է այդ օրէնքէն բխող շուրջ 60 իրաւական ակտերու մշակումով, որոնց զգալի մասը կը գտնուի ՀՀ կառավարութեան ընդունման, մէկ մասն ալ քննարկման փուլի մէջ: Շրջանառութեան կարգաւորումը լաւ գործընթաց է եւ անընդհատ կը գտնուի ուսումնասիրութեան եւ կարգաւորման գործընթացի մէջ: