Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը մեկնարկէ 2016-ի Ռաֆայէլ Լեմքինի անուան կրթաթոշակի ծրագիրը

ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը յայտարարէ Ռաֆայէլ Լեմքինի անուան 2016 թուականի դրամաշնորհային ծրագրի մեկնարկը: Անիկա հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ օտարերկրեայ ասպիրանտներուն եւ երիտասարդ գիտնականներուն, որոնք կը մասնագիտանան ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ, մէկ ամիսով այցելել Հայաստան` տեղի գիտական հաստատութիւններուն եւ գրադարաններուն մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար:

Յաղթող յաւակնորդներու ուսումնասիրութիւններու իրականացման հիմնական վայրը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ուր անոնք հնարաւորութիւն պիտի ստանան ծանօթանալու Հայկական հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան, ուսումնասիրութիւններ կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական ֆոնտերուն եւ գրադարանին մէջ, ինչպէս նաեւ ստանալ մասնագիտական խորհրդատուութիւն, ծանօթանալ Հայաստանի Հանրապետութեան համալսարաններու, արխիւներու, գրադարաններու նիւթերուն հետ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պիտի հոգայ երկկողմանի ճանապարհորդութեան եւ կացութեան ծախսերը:

Հայցադիմումներու ներկայացման վերջնաժամկէտը` 2015-ի Դեկտեմբեր 15-ն է: Յաղթող յաւակնորդի անուան հրապարակումը` 2015-ի Դեկտեմբեր 25-ին:

Դրամաշնորհի տեւողութիւնը մէկ ամիս է:

Յաղթող յաւակնորդը կը պարտաւորուին ծրագրի աւարտէն ետք 6 ամիսներու ընթացքին տրամադրել իր կատարած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը գիտական յօդուածի տեսքով, International Journal of Armenian Genocide Studies պարբերականին մէջ հրապարակելու նպատակով:

Այլ մանրամասնութիւններու կարելի է ծանօթանալ ՀՑԹԻ-ի կայքէն: