Հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 300 կրակոց

Յունուար 20-ին եւ լոյս 21-ին  ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 300 կրակոց: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ  Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն: Սահմանագծի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ /2 արկ/:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: