Փետրուար 4-ի առաւօտեան ժամերուն Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ Ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կրակոցներէն մահացաւ 20-ամեայ Սիմոն Ճավռշեան: Շիրակ մարզի Փանիկ գիւղի բնակիչ Սիմոնը իր երկու տարուայ զինուորական ծառայութիւնը պիտի աւարտէր երկու ամիսէն: Սիմոնի հայրը եւ եղբայրը Ռուսիա մեկնած էին աշխատանքի համար:
Ատրպէյճանական աղբիւրներ կը յայտնեն թէ սոյն բախումներու ընթացքին մահացած են երեք հայ եւ մէկ Ատրպէյճանցի զինուորներ: