Վերջերս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած են՝ որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ տակաւին հանդիպում նախատեսուած չէ:
Անցեալ տարեվերջին Երեւան լաւատեսութիւն յայտնած էր, որ մօտիկ ապագային Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ, առնուազն նախկին համաձայնութիւններու մասով, թերեւս լաւ նորութիւն կ’ունենան:
Յիշեցնենք, որ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըչը վերջին անգամ հանդիպած են 1 Յունիս 2022-ին Վիեննայի մէջ, անիկա բանագնացներու պաշտօնական չորրորդ հանդիպումն էր:
Կողմերը այդ հանդիպումի ընթացքին համաձայնեցան ամէնէն մօտիկ ժամանակին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար: