Հայ ճարտարագէտներու մշակած հեռահար կառավարմամբ գնդացիրը կրնայ փոխարինել զինուորը

Հայ ճարտարագէտները կը շարունակեն աշխատիլ՝ կատարելագործելու համար մշակումը գնդացիրներու, շարունակելով բարձրացնել կրակոցներու ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնքի դիւրաշարժութիւնը։

«ԿԲ Իքս» ընկերութիւնը ներկայացուցած է հեռահար կառավարմամբ գնդացիրի բարեփոխուած տարբերակներ։ Երկու նման նմոյշներ ցուցադրուած են Երեւանի մէջ տեղի ունեցած DigiTec ցուցահանդէսին ժամանակ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armeniasputnik.am-ը։

Ընկերութեան նմոյշներուն համաձայն՝ գնդացիրներուն վրայ կը տեղադրուին տեսախցիկներ եւ հեռաչափեր։ Պատկերն ու հեռաւորութեան մասին տուեալները կը փոխանցուին գնդացրորդին, որ կը հետեւի պաստառին միջոցաւ։ Հեռակառավարման վահանակէն ան կրնայ հեռաւորութեան վրայ կրակ բանալ:
Համակարգերը փորձարկուած են սպառազինութեան տարբեր տեսակներու վրայ։ Սկիզբը անոնք փորձարկուած եւ ցուցադրուած են 7.62 մլմ.-նոց քալաշնիքով գնդացիրի վրայ։

Ընկերութեան ճարտարագէտները կը շարունակեն բարձրացնել կրակոցներու ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնքի դիւրաշարժութիւնը։
2018 թուականի Մարտին ArmHiTec ցուցահանդէսին ընկերութեան մասնակիցները ներկայացուցած էին հեռահար գնդացիր։ Ցուցահանդէսին զայն տեղադրած էին մետաղեայ արկղի մէջ։ Անհրաժեշտութեան պարագային ան ամրօրէն կը փակուէր։ Իսկ ամբողջովին փակ վիճակէն կը բացուէր եւ կ՚անցնէր լիարժէք մարտական պատրաստուածութեան ընդամէնը երեք վայրկեանի ընթացքին։ Եւ այդ ամէնը` հրահանգով հեռաւորութեան վրայ։
«Այժմ մենք բարեփոխութիւն մը եւս ըրած ենք՝ առանց արկղի, որպէսզի զէնքը աւելի արագ կարելի ըլլայ տեղաշարժել», ըսած է «ԿԲ Իքս»ի փոխտնօրէն Արմէն Նիկողոսեան։

Հեռահար համակարգերու հրաձգային զէնքի վրայ ընկերութիւնը կ՚աշխատի արդէն մի քանի տարիէ ի վեր։ Վերջին շրջանին մշակումներուն նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։